Շաբաթ, 13 Սեպտեմբերին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին, Մոլինարի քառեակի կատարմամբ՝ հայ դասական երաժշտութեան համերգին ներկայ գտնուեցան Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան Վարժարանի երկրորդական Բ կարգի եւ անցեալ տարուայ շրջանաւարտ աշակերտները, ուղեկցութեամբ իրենց տնօրէն Պր. Շահէ Թանաշեանի եւ հայերէնի ուսուցչուհիին ՝ Տիկին Վարդուհի Ֆըստքճեանի։

